ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ

Խառն թեքնիք՝ թուղթի վրայ
«Մանկութիւնս մեծ մասամբ մութ սենեակ մըն է, ելեկտրականութիւնը փոխարինող մոմ մը, ռումբերու պայթումներուն բարձր ձայները եւ մեծերու իրարանցումը», կը խոստովանի արուեստագիտուհի Անի Քիւրքճեան։ Պատկեր մը, որ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն գրեթէ երեսուն տարի անց շատերուս մտքերուն մէջ կը շարունակէ արթնցնել մութ ժամանակներ։ Դէպքերը առարկայական գետնի վրայ վերջ կը գտնեն, տարիները կ՚անցնին... Կարդալ աւելին
ԳՈՅՆԵՐՈՒ յորձանուտ մըն է, որ կը գրաւէ դիտողին տեսադաշտը երբ դէմ յանդիման կը գտնուի Գագիկ Ղազանչեանի պաստառներուն, եւ առաջին հակազդեցութիւնը կ՚ըլլայ՝ ինչպէ՞ս դիրքորոշուիլ երանգներու լայնածաւալ այս հոսքին դիմաց։ Պաստառները բոցավառ հրդեհներ ըլլան կարծես, որոնցմէ արձակուած գունային բռնկումներ կը լեցնեն պատկերասրահի Կարդալ աւելին
ԳԱԳԻԿ Յարութիւնեանը ճշմարտացիօրէն բնութագրւում է որպէս 1970-1990ականների հայ լուսանկարչութեան ամենաերեւելի ներկայացուցիչներից մէկը: Սակայն «հայ լուսանկարչութիւն» բնորոշումն ակամայից դրդում է մտածելու երկու հարցի շուրջ՝ ա․ ի՞նչ է իրենից ներկայացնում հայ լուսանկարչութիւնը, բ. ո՞րն է Կարդալ աւելին

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ի՞ՆՉ ԿԱՐԴԱԼ

Նորագոյն յաւելումներ

Շաւարշ Նարդունիի կենդանագիրը կազմելու համար, առաջին տպաւորու­թեամբ, ունինք կարիքը ընթացիկէն հեռացող գոյներու, երանգներու: «Փա­րիզի տղոց» (գործածելով յ. Օշականի բնորոշումը) խումբին մէջ, ան միւսներէն կը զատորոշուի իր գործին անմիջական, շեշտօրէն ենթակայական նկարագրով, անմիջապէս աչքի զարնող այլազանութեամբ մը, որ ոչ-խորաթա­փանց Կարդալ աւելին
> Ժամ առաջին
ՀՈՍ չեմ եկած երբեք։ Քիչ մը ճնշող է ներսի մթնոլորտը։ Մութ է եւ կարծես ներկաները հրոսակներու խումբ մըն են։ Կ՚երեւի ես ալ տարօրինակ կը թուիմ իրենց, իմ մաքուր ճինզովս եւ ճերմակ վերարկուովս։ Կաշիէ ժաքէթներով, շղթաներով եւ թաթուներով այրեր ու կիներ կը դառնան եւ ինծի կը նային։ Ջուրէն դուրս ինկած ձկնիկ եմ հոս, որ ստիպուած է դիմացի քանի մը ժամերուն չկորսնցնել իր շնչառութիւնը։
Կարդալ աւելին

Լուսարձակի տակ

ԻՆՉՈ՞Վ կը բնորոշուի մտաւորական աշխարհը, եթէ ոչ մեծ մտքերու ներկայութեամբ։ Որոշ մտքեր կան որոնք ունին ծնիչ ուժ, որոնք կ՚արձակեն գաղափարներու անկաշկանդ հոսանքներ, որոնց վերարտադրիչ ուժով կ՚ոռոգուին նոր մտքեր, կը ստեղծուի նոր տրամասութիւն եւ կը վերահաստատուի շարունակականութեան։ Կարդալ աւելին
Տարիներու ընթացքին վարժուեր ես ամեն ինչ հարցադրելու, խնդրականացնելու՝ յատկապէս որոշ ուսումնառութենէ ետք։ Ազգ հասկացողութիւնը սակայն երկար ատեն յամառօրէն մնացեր էր խնդրականացնող ակնոցիդ ա՛յս կողմը։ Իսկապէս, դժուար է տարբաղադրել այն, որ մարդ փոքր տարիքէն կը դաւանի ըլլալ, զգալ, աւելի ճիշդը այն որուն կը հաւատայ, նոյնիսկ կը կարծէ գիտնալ որ է՛... Կարդալ աւելին